Քիեւի եւ Պուտափեստի յարաբերութիւնները ուքրանական կողմի քայլերուն պատճառով թշնամական դարձած են, անոնք պիտի չբարելաւուին մինչեւ Ուքրանիոյ հակամարտութեան աւարտը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան:
«Այսօր ուքրանական-հունգարական յարաբերութիւնները լարուած են, որովհետեւ ուքրանացիները իրենց թշնամին կը նկատեն բոլոր անոնց, որոնք իրենց չեն աջակցիր: Եւ անոնք կը ձեռնարկեն քայլերու, որոնք փաստացիօրէն անոնց թշնամի կը դարձնեն: Եթէ խաղաղութիւն ըլլայ, ապա Ուքրանիա-Հունգարիա յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին: Սակայն քանի դեռ պատերազմը կը շարունակուի, ես ատոր համար հիմքեր չեմ տեսներ», ըսած է Օրպան` Ուաշինկթընի մէջ գումարուած Խաղաղութեան խորհուրդի առաջին նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Օրպան Քիեւի թշնամական քայլերուն շարքին թուարկած է ելեկտրականութեան մատակարարման ոլորտին մէջ քաոս ստեղծելու փորձերը, Տրուժպա քարիւղի խողովակաշարի կանգնեցումով Եւրոպական Միութեան ստիպելը, որ պատժամիջոցներու միջոցով դադրեցնէ աժան ռուսական ուժանիւթի Հունգարիա մատակարարումը, Հունգարիան հակամարտութեան մէջ ներքաշելը եւ Ուքրանիոյ աջակցելու հարցին մէջ անոր ֆինանսական պարտաւորութիւններ պարտադրելը: