Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան վերջ դրաւ ազգային խումբի հետ իր ասպարէզին:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս հրապարակեց Բարսեղեանի յայտարարութիւնը. «Սիրելի՛ համակիրներ, կը ցանկամ տեղեկացնել, որ որոշեցի աւարտել Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ իմ ասպարէզս: Ինծի համար մեծ պատիւ ու պատասխանատուութիւն էր տարիներով ազգային խումբին շապիկը կրելը եւ մեր երկրի գոյները պաշտպանելը: Կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել ազգային հաւաքականին հետ զիս մարզած բոլոր մարզիչներուն, խմբակիցներուն, բժշկական մարմիններուն, ամբողջ անձնակազմին, ֆետերասիոնի անդամներուն եւ անշուշտ հաւատարիմ համակիրներուն, որոնք միշտ ալ եղած են մեր կողքին թէ՛ յաղթանակներու, թէ՛ պարտութիւններու պահուն: Ես անշուշտ պիտի շարունակեմ աջակցիլ հաւաքականին` իբր համակիր: Մեր ազգային խումբին կը մաղթեմ յաղթանակներ եւ մեծ ձեռքբերումներ»:
Տիգրան Բարսեղեան իր առաջին մրցումը կատարած է 2016-ին: Ան ընդամէնը 64 մրցում կատարած է` նշանակելով 9 կոլ: