«ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Լիբանանի Կողքին Պիտի Մնանք» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Նախագահը

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր երէկ առաւօտեան հասաւ Պէյրութ: Ան Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք Լիբանանի կողքին պիտի մնանք` ամրապնդելու համար պետութեան ուժը»:

«Գերմանիան Լիբանանի հետ գործակցող մեծագոյն կողմերէն մէկն էր եւ ուժեղ կերպով ներգրաւուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ին մէջ, մենք Լիբանանին աջակցեցանք` ապահովական դժուար կացութեան մէջ զայն ուժեղացնելու համար», ըսաւ ան:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտը մեր աջակցութեան աւարտը չէ: Մենք գիտենք Լիբանանի գերիշխան ու կայուն ըլլալու կարեւորութիւնը, եւ ատիկա տեւական ջանքեր կը պահանջէ: Պէտք է մտածենք, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքի աւարտէն ետք ինչպէ՛ս կրնանք ամրապնդել կայունութեան ողնասիւնը, այսինքն` լիբանանեան զինեալ ուժերը: Ատիկա սկսաւ բանակին ու գերմանական ծովուժին միջեւ գործակցութեամբ», նշեց Շթայնմայեր:

«Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարը շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման առիթ է, եւ կոչ կ՛ուղղենք զայն յարգելու», յայտնեց Գերմանիոյ նախագահը` նշելով. «Հըզպալլայի զինաթափումը պէտք է ընթացքի մէջ ըլլայ, եւ իսրայէլեան ուժերը պէտք է հեռանան Լիբանանի հարաւէն»:

«Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան հողերու բռնագրաւումը անընդունելի է, եւ պէտք է անոր վերջ տալ», շեշտեց Շթայնմայեր:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր կարգին յիշեցուց Շթայնմայերի 8 տարի եւ 2 շաբաթ առաջ Լիբանան առաջին այցելութիւնը` նշելով, որ ատիկա շուրջ 120 տարուան ընթացքին Գերմանիոյ նախագահի մը Լիբանան առաջին այցելութիւնն էր:

Ան վերյիշեցուց Գերմանիոյ նախագահի Լիբանան առաջին այցելութեան ընթացքին ըսած խօսքը, թէ Պէյրութը այն վայրն է, ուր երկխօսութիւնը կրնայ յաջողիլ, եւ անիկա յոյսի եւ ներշնչման վայր է: Նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանան տակաւին ատոր կը հաւատայ:

Աուն կանգ առաւ Շթայնմայերի այն խօսքին վրայ, թէ խաղաղութիւնը բացարձակ պայմաններու վրայ պնդումով չ՛իրականանար, այլ անոնցմէ հրաժարելով` նշելով պնդումը բացարձակ խաղաղութեան վրայ եւ իրաւունքէն ու բարիքէն բացի խաղաղութեան որեւէ նախապայմանի մերժումը:

Ան նաեւ մատնանշեց, որ լիբանանցիները բազմիցս ստիպուեցան իրենց չվերաբերող բիրտ հակամարտութիւններու մէջ ներքաշուիլ եւ անոնց բեռը կրել` ընդգծելով, որ լիբանանցիները այլեւս անկարող են որեւէ հակամարտութեան կամ որեւէ բեռի տոկալ եւ միայն իրենց ժողովուրին շահը կ՛ուզեն, ինչպէս նաեւ իրենց հայրենիքին բարգաւաճումն ու իրենց զաւակներուն կեանքը:

 

Leave a Comment