Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց. «Ընտրութիւնները պիտի կայանան իրենց ժամկէտին` անոնց շուրջ բարձրացող աղմուկէն անկախ»:
«Զանոնք չկատարելու ընտրանք ունի՞նք: Անշուշտ Ոչ: Մեզի տուէք լաւ օրէնք մը, եւ մենք պատրաստ ենք զայն որդեգրելու, մեզի տուէք բարեփոխում մը, եւ մենք արգելք չունինք: Մենք ամէն պարագայի պատրաստ ենք, այլապէս ի՞նչ ընենք: 21 մայիսին կ՛աւարտի ներկայ խորհրդարանի նստաշրջանը, ի՞նչ ընենք: Խորհրդարանական դատարկութեան մէջ յայտնուինք եւ դիտե՞նք», հարց տուաւ ներքին գործոց նախարարը:
«Գործադրութիւնը կատարեցի այն կէտերուն, զորս օրէնքին եւ սահմանադրութեան համաձայն կրնամ գործադրել: Օրէնքները մեկնաբանութեամբ կարելի է մասերու բաժնել, այսինքն կը գործադրուի այն, ինչ որ գործադրելի է, եւ չի գործադրուիր այն, որ կարելի չէ գործադրել», աւելցուց ան:
«16-րդ ընտրաշրջանի իրաւական յօդուածներու եւ գործադրութեան հրամանագիրներու մինչեւ հիմա բացակայութեան, երբ կայ օրէնքով սահմանուած ժամկէտ, որ պէտք է յարգեմ, չեմ կրնար ձեռնածալ մնալ: Թեկնածութեան առաջադրման դուռը բացի, եւ իւրաքանչիւր կարելիութեան «բ. ծրագիր» մշակեցի, օրէնսդրութեան ու խորհրդակցութեան մարմինի խորհուրդին դիմեցի, եւ կը սպասեմ անոր իրաւական տեսակէտը, թէկուզ անիկա ոչ պարտադիր ըլլայ», նշեց նախարարը:
«Պէտք է բոլորը հասկնան, որ եթէ ժամկէտը չյարգեմ եւ ներքին գործոց նախարարութեան պարտաւորութիւնը չկատարեմ, զիս ընտրութիւններու չեղեալ նկատուելուն պատասխանատու պիտի նկատեն: Բոլորին կ՛ըսեմ, թէ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ժամկէտին, եւ պատրաստ եմ յարգելու բոլոր ժամկէտներն ու քայլերը», շեշտեց Հաժժար:
«Մագնիսացուած քարտին վերաբերեալ նախկին խորհրդակցութիւնը ցոյց տուած է, որ ատիկա հիմնարար գործընթաց չէ, որ պիտի խոչընդոտէ ընտրութիւնները, եթէ կառավարութիւնը չկարենայ զայն թեքնիք գետնի վրայ իրականացնել: Ինչ կը վերաբերի 16-րդ ընտրաշրջանին, որ կը պահանջէ կիրարկուող հրամանագիրներ եւ, օրէնքի 124-րդ յօդուածին համաձայն, կը պահանջէ կառավարութեան երկու երրորդի մեծամասնութեան հաստատումը, որ հարցը վստահած է խորհրդարանին, ի՞նչ կ՛ընենք:
«Հետեւաբար, ես բացի 128 երեսփոխաններու առաջադրման գործընթացը: Ինչ կը վերաբերի 16-րդ շրջանի երեսփոխաններուն, ես կը սպասեմ խորհրդատուութեան` որոշում տալու համար, եւ ես անոր տուած եմ յստակ եւ որոշակի հարցում. 128-ը արտասահմանէ՞ն, թէ՞ Լիբանանի մէջ պիտի ընտրուին: Եւ ես կը սպասեմ անոր կարծիքին»:
«Բացարձակապէս ոչինչ կ՛արգիլէ ընտրութիւնները կատարել, եւ կարելի չէ 4 միլիոն 100 հազար քուէարկող քուէարկութեան իրաւունքէն զրկել: Այդ նպատակին համար բոլոր իրաւական միջոցները պիտի կիրարկուին, եւ օրէնքին մեծ բաժինը կիրարկելի է, ուստի ինչո՞ւ ամբողջ օրէնքը խափանենք: Արտերկրի քուէարկութեան իրաւունքը սահմանադրութեան մէջ պահպանուած է եւ երաշխաւորուած օրէնքի եւ անոր 121-րդ յօդուածին մէջ, սակայն այսօր հարցումը հետեւեալն է` արտասահմանի՞ մէջ կը քուէարկեն, թէ՞ երկրին մէջ», ընդգծեց ան:
«Ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի պիտի ունենան, անկախ այս ամբողջ աղմուկէն ու քաղաքական հռետորաբանութենէն», եզրափակեց ներքին գործոց նախարարը: