Իրանի պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իրանեան հրթիռային համակարգերը «մեր կարմիր գիծերուն մէջ են եւ բանակցելի չեն»:
«Սիոնական գոյացութիւնը չի կրնար առանց Ուաշինկթընի ուղղակի աջակցութեան որեւէ քայլի դիմել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Իրան «ուժեղ, կտրուկ եւ պատշաճ կերպով պիտի հակադարձէ Իրանը թիրախաւորող որեւէ արկածախնդրութեան»:
«Հաշուարկի որեւէ սխալի գինը բարձր պիտի ըլլայ», նշեց ան:
«Միայն եթէ բանակցութիւնները իրատեսական եւ առանց չափազանցուած պահանջներու ըլլան կրնան դրական ընթացք ունենալ եւ բոլորին շահերը իրագործել», յայտնեց Շամխանի` աւելցնելով. «Շրջանին մէջ դիւանագիտական աշխատանքներուն նպատակը քաղաքական ընտրանքը ամրապնդելն ու լարուածութիւնը դադրեցնելն է»:
«Շրջանին մէջ ապահովական կացութիւնը աւելի բարդ դարձաւ եւ համակարգումի յատուկ մեքանիզմներ կը պահանջէ», եզրափակեց Շամխանի: