Լաւրով. «Ռուսիան «Հակաքայլեր» Պիտի Որդեգրէ, Եթէ Կրինլանտը Զինուորական Գօտիի Վերածուի»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Մոսկուան «հակաքայլեր», ներառեալ զինուրական քայլեր պիտի որդեգրէ, եթէ Արեւմուտքը ամրապնդէ Կրինլանտի մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Կրինլանտի ռազմականացման եւ Ռուսիոյ դէմ զինուորական կարողութիւններու հաստատման պարագային պիտի որդեգրենք պատշաճ հակաքայլերը, ներառեալ զինուորական եւ թեքնիք քայլերը»:

 

Leave a Comment