Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Աւարտեցի Ուաշինկթըն կարճ, սակայն կարեւոր այցելութիւնս, որուն ընթացքին խօսեցայ մեր Միացեալ Նահանգներու նախագահ, մեր մեծ բարեկամ Տանըլտ Թրամփի հետ»:
«(Թրամփի հետ) սէր, անկեղծ ու բաց յարաբերութիւն ունինք, եւ շարք մը հարցեր քննարկեցինք, սակայն հիմնականին մէջ կեդրոնացանք Իրանի հետ բանակցութիւններուն վրայ», ըսաւ ան:
«Թրամփ կը կարծէ, որ իրանցիները այլեւս կը հասկնան, թէ որո՛ւ հետ գործ ունին: Կը կարծեմ, որ իր դրած պայմանները եւ անցեալ անգամին համաձայնութիւն չգոյացնելով սխալ գործած ըլլալնին գիտակցիլը կրնան զանոնք մղել ընդունելու պայմաններ, որոնք լաւ համաձայնութիւն մը կարելի կը դարձնեն», աւելցուց Նեթանիահու:
«Իրանի հետ որեւէ համաձայնութեան գոյացման նկատմամբ ընդհանուր կասկածներս չեմ ծածկեր: Բայց եւ այնպէս, յստակ դարձուցի, թէ եթէ համաձայնութիւն գոյանայ, ապա պէտք է ներառէ տարրեր, որոնք մեզ կը հետաքրքրեն ու Իսրայէլի պետութեան համար կարեւոր են, եւ կարծիքովս` միջազգային ընտանիքին համար կարեւոր են. ոչ միայն հիւլէական հարցը, այլ նաեւ թեւաւոր հրթիռները եւ շրջանին մէջ Իրանի գործակատարները», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:
«Հոյակապ բանակցութիւն էր: Անշուշտ նաեւ անդրադարձանք Կազային, եւ աւելի լայն շրջանին ու այլ ընդհանուր հարցերու: Յամենայն դէպս, Իսրայէլի պետութեան մեծ բարեկամի, աննման նախագահի հետ այլ քննարկում մըն էր», ըսաւ Նեթանիահու: