Քաթարի իշխանական դիւանատունը հաղորդեց, որ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ քննարկած է շրջանային ու միջազգային զարգացումները, մասնաւորաբար շրջանին մէջ կացութեան զարգացումը:
Քննարկուած է նաեւ մագլցումը թուլացնելու եւ շրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը ամրապնդելու ջանքերը:
Դիւանատունը նշեց, որ Քաթարի իշխանն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընդգծած են հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային հարցերու շուրջ համակարգումն ու խորհրդակցութիւնը շարունակելու եւ տագնապները երկխօսութեան ու խաղաղ ճանապարհով լուծելու դիւանագիտական ջանքերուն աջակցելու կարեւորութիւնը: