Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Ամերիկեան Եւ Իսրայէլեան Բանակներու Սպայակոյտերու Պետերը Ժողով Գումարած Են

Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ ամերիկեան եւ իսրայէլեան բանակներու բարձրաստիճան զօրավարները ուրբաթ օր Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութեան` Փենթակոնի մէջ ժողով մը գումարած են` Իրանի հետ լարուածութեան մագլցման խորապատկերին վրայ:

Երկու պաշտօնատարները ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ զօր. Տան Քինի եւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիրի միջեւ դռնփակ բանակցութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չեն յայտնած:

Նշեալ ժողովին մասին նախապէս չէր յայտարարուած:

Leave a Comment