Ազրպէյճանն ու Միացեալ Նահանգները յայտարարած են, թէ պատրաստ են համագործակցելու հանքային պաշարներու` Միջին միջանցքին միջոցով միջազգային շուկաներ տեղափոխումը դիւրացնելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ այս մասին, ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, կ՛ըսուի երկու երկիրներուն միջեւ 10 փետրուարին ստորագրուած համաձայնագիրին մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, թէ Ազրպէյճանը եւ Միացեալ Նահանգները մտադիր են համագործակցելու մարդասիրական ականազերծման ոլորտին մէջ` ֆինանսական աջակցութեան եւ ճարտարագիտութիւններու փոխանցման միջոցով, հաշուի առնելով «այն լուրջ դժուարութիւնները, որոնք ծառացած են Ազրպէյճանի առջեւ»: