Հերցոկ. «Կը Յուսանք, Որ Ամերիկեան- Իսրայէլեան Բանակցութիւնները Կարենան Իրանեան Չարիքի Կայսրութիւնը Զսպել»

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ Աւստրալիա իր այցելութեան ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ բանակցութիւնները նպաստեն իրանեան «չարիքի կայսրութեան» զսպման:

Հերցոկ Քանպերայի մէջ Աւստրալիոյ վարչապետ Անթոնի Ալպանեզի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Թրամփին եւ Նեթանիահուին յաջողութիւն կը մաղթէ խաղաղութեան հաստատման մէջ:

Ան նաեւ մաղթեց, որ Ուաշինկթընի մէջ քննարկուի «Կազայի մէջ մեր բոլորին համար կարեւոր եղող յաջորդ փուլը, որ կը յուսամ մեր բոլորին աւելի լաւ ապագայ պիտի բերէ»:

Leave a Comment