Փեզեշքիան. «Հիւլէական Զէնքի Ձեռք Բերման Չենք Ձգտիր, Եւ Պատրաստ Ենք Բոլոր Տեսակի Հետաքննութիւններուն Եւ Ստուգման»

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան նշեց. «Ներկայ փուլին կարիքը ունինք ներքին միասնականութեան եւ զօրակցութեան` կանգնելու համար սպառնալիքներու եւ դաւադրութիւններուն դէմ»:

«Արտաքին կողմեր մեր զաւակներէն շատեր դէպի մահ մղեցին, եւ աշխարհը սկսաւ տարաձայնութիւններ տարածել մեր միասնականութեան վնասելու համար», աւելցուց ան:

«Կառավարութեան մէջ բոլոր գործողները պէտք է լսեն ժողովուրդի ձայնը, եւ մենք ժողովուրդի ծառաներն ենք: Իրանցի ժողովուրդի կենցաղային պայմանները ներկայ փուլին ամէնէն կարեւոր մտահոգութիւնն են, եւ աշխատանք պիտի տանինք անոր կարիքներուն ապահովման համար», ըսաւ ան:

Իրանի նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ բոլոր պետութիւններուն, որոնք Իրանի մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ մտավախութիւններ եւ մտահոգութիւններ ունէին»:

«Հիւլէական զէնք ձեռք բերելու չենք ձգտիր, եւ ատոր մէջ անկեղծ ենք», նշեց ան:

Իրանի նախագահը յայտարարեց. «Պատրաստ ենք ամէն տեսակի հետաքննութեան եւ ստուգման` վստահ ըլլալու համար, թէ հիւլէական զէնք ձեռք բերելու չենք ձգտիր»:

«Պէտք է քանդել անվստահութիւնը, որ ամերիկացիներն ու եւրոպացիները պատճառեցին, եւ որ բանակցութիւնները իրենց բովանդակութենէն կը դատարկէ», ըսաւ ան:

«Իրան ամերիկեան եւ եւրոպական չափազանցուած պահանջներուն առջեւ պիտի չընկրկի եւ անարդարութիւնը պիտի չընդունի», յայտնեց Փեզեշքիան:

Միւս կողմէ, ան նշեց. «Կազմեցինք աշխատանքային խմբակներ` յաղթահարելու համար երկրին ճգնաժամերը»:

«Թշնամին կը ձգտի մեր միջեւ պառակտում յառաջացնել, եւ ատիկա մեր շահերէն պիտի չբխի», յայտնեց Փեզեշքիան:

«Բողոքի ցոյցերը օրինական իրաւունք են, սակայն կը մերժենք անկարգութիւնները, սպանութիւններն ու հրկիզումները», շեշտեց Իրանի նախագահը:

 

Leave a Comment