Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Պատրաստ ենք իւրանիոմի հարստացման համեմատութեան եւ հարստացուած իւրանիոմի պահեստի ծաւալին շուրջ բանակցելու»:
Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նախապէս յայտարարած էր, թէ Ուաշինկթընի հետ անուղղակի բանակցութիւններու յառաջիկայ փուլի թուականը տակաւին չէ ճշդուած` աւելցնելով. «Ոչ ոք կրնայ թիրախաւորել մեր հրթիռային համակարգը, անիկա բանակցութեան առարկայ չէ, եւ պիտի չըլլայ»:
Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ «Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները որոշ չափով լաւ էին», սակայն նշեց, որ մէկ ժողովի հիմամբ կարելի չէ ամբողջական վճիռ կայացնել:
Լարիժանի նշեց, որ ներկայիս խորհրդակցութիւն տեղի կ՛ունենայ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի թուականին շուրջ, եւ անիկա հետագային պիտի յայտարարուի:
Իրանի պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի իր կարգին յայտնեց. «Իրանի որեւէ թիրախաւորում, թէկուզ սահմանափակ, պատերազմի սկիզբ պիտի նկատենք եւ որեւէ սահմանափակումի պարտաւորութիւն պիտի չունենանք»:
«Բանակցութեան հետ միատեղ սպառնալը Ուաշինկթընի գործելաոճն է, սակայն իմաստութիւնը կը պահանջէ, որ բանակցային հոլովոյթը լուրջ ըլլայ», ըսաւ ան:
«Ծագելու պարագային, պատերազմը աշխարհի վրայ պիտի ազդէ` նկատի ունենալով շրջանին ուժանիւթ արտադրելու կարողականութիւնը», նշեց Շամխանի: