Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին նշեց. «Կը նախընտրեմ Իրանի հետ համաձայնութիւն կնքել, պայմանով որ անիկա լաւ ըլլայ եւ անոր հիւլէական զէնքեր ու հրթիռներ ունենալու արգելք պարունակէ»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ Թրամփ երեքշաբթի օր ալ յայտարարած էր. «Իրան հիւլէական զէնքեր կամ հրթիռներ պիտի չունենայ»:
«Կա՛մ Իրանի հետ համաձայնութեան կը հասնինք, կա՛մ ալ պիտի ստիպուինք չափազանց խիստ քայլեր որդեգրելու», ըսած էր ան:
«Իրանցիները շատ կը փափաքին համաձայնութեան հասնիլ, եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւս կը փափաքի լաւ համաձայնութեան հասնիլ», նշած էր Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Նեթանիահուի հետ հանդիպումս պիտի կեդրոնանայ Իրանի թղթածրարին վրայ, եւ չեմ կարծեր, որ ան Իրանի հետ բանակցութիւններէն մտահոգ է», յայտնած էր ան:
«Կը նախատեսեմ, որ Իրանի հետ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը տեղի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ», նշած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Վերջին բանակցութիւնները յունիսին 12-օրեայ պատերազմէն առաջ տեղի ունեցածէն ամբողջովին տարբեր են», շեշտած էր ան` աւելցնելով. «Իրան այս անգամ աւելի ճկուն գործելաոճ որդեգրած է: Իրանցիները անցեալ անգամ չհաւատացին, թէ յարձակում պիտի գործեմ, եւ շատ ռիսքի դիմեցին»:
«Իրանը հարուածելու երկրորդ օդանաւակիր մը պիտի ղրկեմ, եթէ բանակցութիւնները ձախողին», նշած էր Թրամփ: