Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի այցելութեան օրակարգերէն պահ մը կեդրոնանանք Երեւանի հետ ստորագրուած հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ նպատակներով օգտագործման ոլորտին մէջ երկու կառավարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրին վրայ: Ըստ պաշտօնական Երեւանի, այս համաձայնութիւնը կը նպաստէ Հայաստանի ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանացումին եւ անվտանգ ու նորարարական արհեստագիտութեան ներգրաւման:
Ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանացումը քաղաքական տրամաբանութեամբ շատ պարզ է, որ ինչի կ՛ակնարկուի: Ուժանիւթի բնագաւառին մէջ հիմնական մէկ աղբիւր կայ այսօր: Հիմա կ՛առաջադրուի բազմազանացում: Ամերիկեան ներդրումները ուրեմն նպատակ ունին բազմազանացնել ուժանիւթային արտադրութիւնը եւ ստեղծել նոր արտադրամասեր, կիսահաղորդիչներ:
Խնդիրը տեսքով տնտեսական, ըստ էութեան աշխարհաքաղաքական սուր առանցք ունի: Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կեդրոններու մէկ ազդեցութենէն միւսին անցումն է, որ այս կերպով կը փորձուի իրականացնել: Ելեկտրականութեան ոլորտը, մասնաւորէն պետականի անցումի տարազին տակ ըստ էութեան նոյն նպատակը կը հետապնդէր:
Այնպէս ինչպէս որ նոյեմբեր 9-ը փոխարինուեցաւ օգոստոս 8-ով, կամ ռուսական վերահսկողութեամբ բացուելիք հաղորդուղիները` ԹՐԻՓՓ-ով, նոյն վարքագիծն է, որ Ուաշինկթընը կը շարունակէ կիրարկել Հայաստանի մէջ:
Այս հանգամանքները նկատի ունենալով էր, որ պաշտօնական Մոսկուան կատարեց իրերայաջորդ յայտարարութիւններ, ներգրաւման առաջադրանքով ճշդելու համար ԹՐԻՓՓ-ին ռուսական ներգրաւման տարողութեան գիծերը:
Հետեւաբար այնքան ալ միանշանակ եւ հեզասահ չ՛երեւիր այս վարքագիծին երթը: Հիմա, ուժանիւթի ոլորտին վերաբերող հայ-ամերիկեան համաձայնագիրին իբրեւ անմիջական արձագանգ ուշադիր պէտք է կարդալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալին յայտարարութիւնը, առ այն, որ Մոսկուան պատրաստ է ստանձնել Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան երաշխաւորի դերը: Աւելի՛ն. ըստ անոր, Հայաստանի հիւլէական կայանի նոր արտադրամասի շինարարութեան համար ռուսական առաջարկներէն բացի իրական այլընտրանքներ չկան:
Ռուս դիւանագէտը բացած է որոշ փակագիծեր: Յայտնած, որ իրենք հայկական կողմին առաջարկած են մշակուած առաջարկներու թղթածրար, եւ թէ ռուսական ընկերութիւնը պատրաստ է ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին սկսիլ նախագիծի իրականացման: Յիշեցուցած, որ հայ-ռուս հիւլէական մասնագիտական համատեղ խումբը կայուն եւ արդիւնաւէտ կ՛աշխատի եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ մինչեւ նախատեսուած 2036 թուականը:
Հիմա փորձենք որոշ հետեւութիւններ արձանագրել ստորագրուած համաձայնագիրին հիման վրայ կատարուելիք ներդրումային խոստումներուն եւ ընթացքի մէջ եղող աշխատանքներու յիշեցումի այս պատկերը նկատի ունենալով. հաստատելով` աշխարհաքաղաքական սուր մրցապայքարի նախադրեալներու ներառուած ըլլալը այս բոլորին մէջ:
Յայտնապէս աւելի յստակ կը դառնայ, որ բազմազանացումը ի՛նչ կը նշանակէ ներկայ պայմաններուն մէջ: Կը յստականայ, որ ռուսական կողմը մշակուած առաջարկներու թղթածրար փոխանցած է Երեւանին, որ ներկայացուածը անարձագանգ ձգած է, ըստ երեւոյթին: Մոսկուան սակայն կը հաստատէ, որ պիտի շարունակէ հիւլէական արտադրութեան անվտանգութեան երաշխաւորի իր դերը:
Ուաշինկթընի հետ համաձայնագիր եւ Մոսկուայի հետ մինչեւ 2036 համատեղ շահարկում հիւլէական կայանի: Այս զուգահեռները տեղ մը բախման կէտի կրնան վերածուիլ: Մանաւանդ որ Մոսկուան պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ հիւլէական ուժանիւթի նոր արտադրամասի շինարարութեան համար ռուսականէն բացի որեւէ իրական այլընտրանք չկայ:
Աւելորդ պիտի չըլլար յիշելը, որ գործող կայանի անմիջական փակումի պահանջը ամէն առիթի կը բարձրացնէին թէ՛ Անգարան եւ թէ՛ Պաքուն:
«Ա.»