Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Տօնախմբութիւն

Կիրակի, 1 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9:00-ին «Արագած» ակումբին առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ:

Իր քարոզին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք աղօթքով պատուելու համար նախ եկեղեցւոյ ամրութիւնը երաշխաւորող Ս. Սարգիս զօրավարը, անոր որդին` Մարտիրոսը, եւ 14 այն զօրականները, որոնք հաւատքի պաշտպանութեան համար յանձն առին նահատակութեան պսակը: Սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Ս. Սարգիս զօրավարի կենսագրութիւնը. ան եղած է պոնտացի յոյն մը, որ կը ծառայէր հռոմէական բանակին եւ իր զինուորական շնորհքներուն պատճառով նշանակուած էր կայսերական պահակագունդի Սեբաստիոյ նահանգի պաշտպանութեան հրամանատար:

Հռոմէական բանակին մէջ քրիստոնեայ զինուորներու դէմ ստեղծուած հալածանքներուն պատճառով Ս. Սարգիս իր ընկերակիցներուն հետ միասին խոյս տուաւ իր ծառայութենէն եւ անցաւ Հայաստան, ուր իր ծառայութեամբ մեծապէս յատկանշուեցաւ: Սակայն Շապուհ արքան իմանալով, որ ան ոչ միայն քրիստոնեայ է, այլեւ աւետարանի քարոզչութեան աշխատանք կը տանի բանակէն ներս, անոր պարտադրեց զոհ մատուցել հեթանոս կուռքերուն: Երբ Ս. Սարգիս եւ իր հետեւորդները մերժեցին, անոնք դաժանօրէն չարչարուելէ ետք նահատակուեցան` գլխատուեցան: Սրբազանը դիտել ոտւաւ, որ մարդկային ընկերութեան մէջ եղած են դէմքեր, որոնք կրցած են իրենց  կեանքով աստուածային արժէքներ պաշտպանել ընկերութեան մէջ: «Սուրբերը անոնք են, որոնք մարդկային կեանքով աշխարհի վրայ  աստուածային ծրագիրներ կը ձգտին իրականացնել», շեշտեց սրբազան հայրը՛ հարց տալով, թէ արդեօք Ս. Սարգիս այսօր ի՞նչ ձեւով կ՛առնչուի մեր կեանքին, եւ ըսաւ, որ այս առիթը պատճառ պէտք է հանդիսանայ, որ մենք գէթ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք մեր երէկուան կեանքին վրայ, որպէսզի զգանք եւ անդրադառնանք, թէ ինչո՛ւ համար մեզ կանխող սերունդները եկեղեցիներ, ակումբներ, դպրոցներ եւ կառոյցներ հաստատեցին: Անոնք հաստատեցին զանոնք մեր կեանքի ամրութիւնը երաշխաւորելու համար: Մասնաւորապէս եկեղեցի հիմնեցին, որպէսզի սրբութեան շնորհքը անպակաս ըլլայ մեր կեանքէն ներս: Սրբազանը շեշտեց, որ այս առիթով պէտք է գիտակցինք, թէ մեր կեանքէն ներս անիմաստ խօսքերը, վէճերն ու տագնապները վերջ պէտք է գտնեն, որպէսզի բոլորս համախումբ, բռունցք դարձած պայքարինք բոլոր այն տագնապներուն դէմ, որոնք մեր դիմաց կը յարուցուին եւ ներկայ կեանքի պարզած դժուարութիւններուն եւ հարցերուն դիմաց, առանց Աստուծոյ օժանդակութեան, անզօր ենք եւ դիւրաբեկ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Աւելցնենք, որ տօնին առիթով եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» եւ «Դրօ» կոմիտէներուն, շաբաթ, 31 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ եկեղեցւոյ թաղամասին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն, որ կը ներառէր տօնավաճառ, փոքրերու յայտագիր եւ գեղարուեստական յայտագիր:

Leave a Comment