Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանի վերաբերեալ շատ լաւ բանակցութիւններ ունեցանք, եւ կը թուի, թէ Իրան մեծապէս կը փափաքի համաձայնութիւն կնքել»:
Թրամփ նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Ունինք հսկայ նաւատորմիղ մը, որ Միջին Արեւելք կ՛ուղղուի, եւ շուտով այդտեղ պիտի հասնի: Տեսնենք, թէ հարցերը ինչպէ՛ս պիտի ընթանան»:
«Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը անգամ մը եւս ժողով պիտի գումարենք: Իրան կը փափաքի համաձայնութեան հասնիլ, եւ անիկա այդ է, որ պէտք է ուզէ: Անոնք կը գիտակցին ատիկա չկատարելու հետեւանքներուն: Եթէ համաձայնութիւն չգոյացնեն, ապա հետեւանքները չափազանց ծանր պիտի ըլլան», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Թեհրան Ուաշինկթընի կողմէ յարձակումի ենթարկուելու պարագային մտադիր չէ ամերիկեան հողերը յարձակումի ենթարկել, սակայն պիտի թիրախաւորէ շրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանները:
Ան շեշտեց, որ Իրան դրացի երկիրները յարձակումի պիտի չենթարկէ, այլ` անոնց հողերուն վրայ գտնուող Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանները, «եւ երկու հարցերուն միջեւ մեծ տարբերութիւն գոյութիւն ունի»:
Ինչ կը վերաբերի դիւանագիտական հոլովոյթին, իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ տակաւին բանակցութիւններու երկրորդ փուլի թուական չէ ճշդուած, սակայն իրանեան ու ամերիկեան կողմերուն կարծիքով, անիկա պէտք է մօտ օրէն կայանայ:
Արաղչի երէկ ալ յայտնեց. «Հիւլէական ծրագիր ունենալու մեր իրաւունքին վրայ կը պնդենք, նոյնիսկ եթէ ատիկա պատերազմի ծագման յանգեցնէ»:
«Իւրանիոմի հարստացման վրայ կը պնդենք, որովհետեւ ոչ մէկ կողմ պէտք է մեզի թելադրէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք», ըսաւ ան:
«Ոչ մէկ կողմ իրաւունք ունի մեզմէ պահանջել իւրանիոմի հարստացումը ամբողջովին դադրեցնել: Անոնք մեր հիւլէական կայանները թիրախաւորեցին, սակայն արդիւնքի չհասան եւ բանակցութեան այլընտրանքը չունին», յայտնեց Արաղչի:
«Որեւէ կողմէ ցուցմունքներ եւ բռնաճնշում չենք ընդունիր: Պատրաստ ենք որեւէ հարցումի պատասխանելու, եւ դիւանագիտութեան ու բանակցութեան վրայ կը պնդենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ հակառակորդ կողմը դիւանագիտական ուղին ընտրէ, մենք եւս նոյն ուղին պիտի ընտրենք»:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան իր կարգին նշեց, որ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները, որոնք շրջանին մէջ բարեկամ կառավարութիւններու աջակցութեամբ տեղի ունեցան, դէպի յառաջ քայլ մըն էին:
Ան նշեց, որ երկխօսութիւնը միշտ ալ խաղաղ լուծումի հասնելու համար Իրանի ռազմավարութիւնը եղած է:
Իրանի նախագահը ըսաւ, որ իր երկրի հիւլէական հարցին մէջ տրամաբանութիւնը հիմնուած է հիւլէական զէնքերու չտարածման համաձայնագիրին մէջ նշուած իրաւունքներուն վրայ:
Փեզեշքիան նշեց, որ իրանցի ժողովուրդը միշտ ալ յարգանքին յարգանքով պատասխանած է, սակայն ուժի կիրարկման սպառնալիքի հռետորաբանութիւնը պիտի չհանդուրժէ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան Մասքաթի մէջ բանակցութիւններուն ընթացքին իւրանիոմ հարստացնելու իր իրաւունքին վրայ պնդած է:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց. «Ամերիկեան կողմը իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններու ընթացքին յայտնեց, որ նպատակը Իրանի վարմունքի փոփոխութիւնն է, եւ ոչ թէ` վարչակարգի փոփոխութիւնը»:
«Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի խորհրդարանը այսօր պիտի գումարէ Արաղչիի հաւանական մասնակցութեամբ դռնփակ նիստ մը` քննարկելու համար հիւլէական բանակցութիւններու թղթածրարը: