Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Օրինակով Կը Ցուցադրուի Պատերազմէն Խաղաղութեան Անցման Բնորդը»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 6 փետրուարին ընդունած է Իրանի պաշտպանութեան եւ զինեալ ուժերու աջակցման նախարար, զօր. Ազիզ Նասիրզատէի գլխաւորած պատուիրակութեան:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ալիեւ ընդգծած է, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի անցեալ տարի Ազրպէյճան այցելութիւնը յաջող անցած է, եւ լաւ արդիւնքներ արձանագրուած են, որմէ ետք երկկողմանի յարաբերութիւնները շարունակած են զարգանալ:

Ալիեւ նշած է, որ ներկայիս աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ կը շարունակուին պատերազմներն ու հակամարտութիւնները, եւ յայտարարած. «Ազրպէյճանի նախաձեռնութեամբ Հարաւային Կովկասի մէջ արդէն խաղաղութիւն հաստատուած է»:

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ ատիկա նշանակութիւն ունի նաեւ Իրանի համար, որ սահմանակից է թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի հետ:

Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, որ Պաքուն հանդէս կու գայ համաշխարհային խաղաղութեան եւ պատերազմներու բացակայութեան օգտին` ընդգծելով. «Ազրպէյճանի օրինակով կը ցուցադրուի պատերազմէն խաղաղութեան անցման բնորդը»:

Ազրպէյճանի նախագահը յիշեցուցած է, որ Իրանի նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նշած է, որ Ազրպէյճանը մտահոգ է շրջանին մէջ տիրող իրավիճակով եւ պատրաստ է աջակցելու լարուածութեան մեղմացման:

 

Leave a Comment