Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան պէտք չէ երկարաձգեն ՍԹԱՐԹ պայմանագիրը, այլ պէտք է մշակեն նոր համաձայնագիր: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
«Նախկին պայմանագիրը երկարաձգելու փոխարէն, ամերիկեան կողմէն վատ բանակցուած համաձայնագիր, որ, այլ բաներու շարքին կոպտօրէն կը խախտուի, մենք պէտք է մեր հիւլէական փորձագէտներուն յանձնարարենք մշակել նոր, բարելաւուած եւ արդիականացուած պայմանագիր, որ ուժի մէջ պիտի մնայ յառաջիկայ երկար տարիներուն», նշած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս յայտարարած էր, Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու պայմանագիրի գործողութեան դադրեցումէն ետք Մոսկուան պիտի գործէ պատասխանատու եւ հաւասարակշռուած ձեւով, սակայն կը շարունակէ դրական տրամադրուած մնալ ռազմավարական կացութեան կայունացման ուղիներ գտնելու համար:
Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները Ապու Տապիի մէջ համաձայնած են իրենց միջեւ հիւլէական բանակցութիւններու շարունակման անհրաժեշտութեան շուրջ: