Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական զինաթափման վերջին պայմանագրութեան լիազօրութեան աւարտէն ետք, ՕԹԱՆ-ը «ինքազսպումի եւ պատասխանատուութեան տէր կանգնելու» կոչ ուղղեց:
ՕԹԱՆ-էն պաշտօնատար մը ԱՖՓ-ին յայտնած է. «Ինքնազսպումն ու պատասխանատուութեան տէր կանգնիլը համաշխարհային անվտանգութեան համար երկու հիմնական հարցեր են»:
Պաշտօնատարը նշեց, որ Ռուսիան ու Չինաստանը աշխատանք կը տանին իրենց հիւլէական կարողութիւնները ամրապնդելու` աւելցնելով, որ ՕԹԱՆ «պիտի շարունակէ անհրաժեշտ քայլերը որդեգրել»` իր պաշտպանուածութիւնը երաշխաւորելու համար:
5 փետրուարին աւարտեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ հիւլէական զինաթափման վերջին պայմանագրութեան` «Նիու ՍԹԱՐԹ»-ի լիազօրութիւնը, ինչ որ հիւլէական զէնքի տարածման առնչուած մտավախութիւններ կը ստեղծէ:
Քրեմլին հինգշաբթի օր ցաւ յայտնեց պայմանագրութեան լիազօրութեան աւարտին համար, եւ այդ մէկը «ժխտական» զարգացում կը նկատէ:
Մոսկուան նախքան այդ յայտարարած էր, թէ այսուհետեւ «Նիու ՍԹԱՐԹ»-ի նկատմամբ որեւէ պարտաւորութիւն չունի:
Չինաստան իր կարգին յայտարարեց, թէ «ներկայ փուլին» մտադիր չէ հիւլէական զինաթափման բանակցութիւններու մասնակցիլ, հակառակ Ուաշինկթընի վերստին ընդգծման, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ հիւլէական զինաթափման վերջին պայմանագիրի աւարտէն ետք անհրաժեշտ է բանակցիլ: