Ուքրանիոյ հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ յառաջընթաց կայ, հակառակ Բրիտանիոյ եւ Եւրոպայի կողմէ «պատերազմ հրահրողներուն»: Այս մասին Ապու Տապիի բանակցութիւնները ամփոփելով ըսած է Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւ:
Նշենք, որ երէկ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններու երկրորդ օրը:
Բանակցութիւններու նախորդ փուլը տեղի ունեցած էր 23-24 յունուարին, Ապու Տապիի մէջ:
Ինչպէս նախորդ հանդիպումի ժամանակ, այս անգամ եւս ռուսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Զինեալ ուժերու սպայակոյտի ընդհանուր վարչութեան պետ, ծովակալ Իկոր Քոսթիուքով:
Ամերիկեան պատուիրակութեան կազմին մէջ կրկին ընդգրկուած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնացներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները:
Ամերիկացի պատուիրակ Ուիթքոֆ երէկ յայտարարեց, թէ երեք երկիրներու պատուիրակութիւնները 314 գերիներու փոխանակման շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: