Սպիտակ Տունէն Պաշտօնատար Մը «Ժազիրա»-ին. Իրանի Հետ Բանակութիւնները Իրենց Հունին Վերադարձան Արաբ Եւ Իսլամ Ղեկավարներու Բանակցութիւններէն Չհեռանալու Ճնշումներէ Ետք

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրանի հետ ուրբաթ օր Մասքաթի մէջ ժողով գումարելու ծրագիրը իր ճիշդ հունին վերադարձաւ»:

«Իրանի հետ բանակցութիւնները իրենց հունին վերադարձան արաբ եւ իսլամ ղեկավարներու կողմէ բանակցութիւններէն չհեռանալու ճնշումներէ ետք», նշեց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի չորեքշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ հիւլէական բանակցութիւնները պիտի գումարուին ուրբաթ առաւօտ Մասքաթի մէջ»:

Նախքան այդ, ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած էին. «Միացեալ Նահանգներ Իրանին փոխանցեցին, թէ ուրբաթ օր որոշուած բանակցութիւններուն վայրն ու ծիրը փոխելու պահանջները պիտի չընդունին, եւ այս ճգնաժամը կրնայ յանգեցնել դիւանագիտական ուղիի փակման եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի զինուորական գործողութիւնը ընտրել համոզելու»:

Գահիրէի մէջ Իրանի դեսպանը «Հատաս»-ին յայտնեց. «Մասքաթի մէջ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւնները անուղղակի պիտի ըլլան»:

 

Leave a Comment