ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսային յղեց նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսի Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Ազրպէյճան նախատեսուած այցելութեան:
Հայ դատի մարմինը այս առիթով յիշեցուց, թէ ամերիկեան վարչակազմը արտաքին գործոց փոխնախարար Փոլ Տ. Կակլիոնի կողմէ ստորագրուած նամակի մը մէջ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ գործօն կերպով Երեւանն ու Պաքուն կը քաջալերեն «հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձը» ապահովելու: Նամակը նաեւ կը նշէր, թէ Միացեալ Նահանգներ մօտէն կը հետեւին Ազրպէյճանի մէջ հայերու դատավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ «Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղել` պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական ժառանգութեան վայրերը»:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ նշեց. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վանսին կոչ կ՛ուղղենք` Հայաստան եւ Ազրպէյճան իր յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին յստակ, ուղղակի եւ ուժեղ կերպով վերարտայայտելու այս դիրքորոշումը, եւ այդ առիթը օգտագործելու`
– Հայ պատանդներու ազատ արձակման համար Ազրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու,
– ապահովելու հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձը,
– ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան ապահով պահպանումը, եւ
– ապահովելու ազրպէյճանական բռնագրաւող ուժերու Հայաստանի Հանրապետութեան հողերէն հեռացումը»: