Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Մթայլեպ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր ժամը 20:30-ին Այնթուրայի դաշտին վրայ Մթայլեպ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը` ախոյեանութեան 6-րդ շաբթուան մրցումներու ծիրին մէջ:

Մինչեւ օրս ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի իրենց 5 մրցումներն ալ յաղթած են եւ կը մնան տարուան տիտղոսի թեկնածուներէն: Անշուշտ Տանիելլա Ֆայյատի վիրաւորուիլը կրնայ դժուարացնել ախոյեան դառնալու հարցը, բայց բարձր մակարդակի օտար մարզիկներով անկարելի բան չկայ, մանաւանդ որ ունինք Մեղրի Թորոսեանը, Ամար Մանսուր, Փերլա Պու Նասըրը, Ռիմ Ղալին եւ Կապի Սաատը:

Այսօրուան մրցակից խումբը` Մթայլեպ միջակ խումբ մըն է, որ իր կատարած 4 մրցումներն ալ բուռն պայքարէ ետք միայն պարտուեցաւ: Խումբին օտարները` ամերիկացի Ալիյա Մաթարու եւ մեքսիքացի Այշել Հերնանտես բաւական լաւ են, բայց անոնք անշուշտ իրենց հետ որակաւոր լիբանանցիներ չունին: Լիբանանցի լաւագոյն մարզիկներն են Նուր Շահին, Մաթիլտա Խալիլ եւ Ճէյն Մանսուր, որոնք համեմատաբար միջակ մարզիկներ են եւ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց համար դիւրին պէտք է ըլլան, անշուշտ եթէ լաւ խաղան:

Միշտ մրցակից խումբերը լուրջի պէտք է առնել եւ պայքարիլ ամէն գնդակի եւ յաղթանակի համար:

Նշենք, որ 6-րդ շաբթուան մրցումներուն, Ռիատի յաղթած էր Սփորթինկ Պքեննային (80-62), Անդրանիկ 62-52 արդիւնքով` Ինմաա Տամուրին, իսկ Ազուր Էն.Էս.էյ.-ին` 74-41 արդիւնքով:

 

 

Leave a Comment