ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Գերապայծառ Պատիշահի

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Սանահին Թովմասեան, երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահի հետ:

Պատուիրակութիւնը հանդիպումի ընթացքին գերապայծառին ներկայացուց մարմինի աշխատանքներն ու ծրագիրները:

Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդը յուզող, Հայ դատին առչնուող եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու:

 

Leave a Comment