Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ ամերիկեան բանակին Արաբական ծովուն վերեւ իրանեան անօդաչու թռչող սարքի մը վնասազերծումէն ետք նշեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ սպասուող բանակցութիւնները տակաւին օրակարգի վրայ են»:
Լեւիթ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Որոշուած է, որ Ուիթքոֆ այս շաբթուան մէջ իրանցիներուն հետ բանակցութիւններ վարէ: Անոնք ներկայիս օրակարգի վրայ են, սակայն նախագահ Տանըլտ Թրամփը, բնականաբար, իր սեղանին վրայ ունի շարք մը ընտրանքներ, եւ զինուորական ուժի կիրարկումը անոնցմէ մէկն է»: