Էրտողան. «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Շրջանի Խաղաղութեան, Կայունութեան Ու Բարգաւաճման Համար Ռազմավարական Մեծ Կարեւորութիւն Ունին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պատրաստակամութիւն յայտնեց Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջնորդութիւն կատարելու` երկու կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար` զգուշացնելով որեւէ քայլէ, որ կրնայ պատերազմ ծագեցնել:

Էրտողան, որ Սէուտական Արաբիա կ՛այցելէր, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Ռիատի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները շրջանի խաղաղութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման համար ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունին»:

Էրտողան կոչ ուղղեց` տագնապները կանխարգիլելու համար շրջանային ապահովական մեքանիզմ մը ստեղծելու:

Ան ըսաւ, որ Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան նպատակը շրջանային հարցերու, մասնաւորաբար Կազայի մէջ զինադադարի եւ Սուրիոյ կացութեան շուրջ երկկողմանի խորհրդակցութիւնները ընդլայնելն է, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները յառաջադէմ մակարդակներու մղելն ու շօշափելի քայլեր կատարելը` ընդգծելով, որ յառաջիկայ օրերուն հասարակաց աշխատանքի ընդլայնում տեղի պիտի ունենայ:

Էրտողանի այցելութեան աւարտին հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը ընդգծեց «երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւններու ամրութիւնը եւ հասարակաց նախանձախնդրութիւնը ամրապնդելու քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական ու ներդրումային գործակցութիւնը, մասնաւորաբար առաջնահերթութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ»:

Ինչ կը վերաբերի պաշտպանական եւ ապահովական հարցերուն, անոնք համաձայնած են կեանքի կոչել ստորագրուած համաձայնութիւնները եւ ամրապնդել ահաբեկչութեան, կազմակերպուած ոճիրներու եւ համացանցային անվտանգութեան սպառնալիքներու դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ փորձառութիւններու փոխանակում ու մարզում կատարելու:

Շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ երկու կողմերը շրջանային լարուածութիւններու նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են, եւ ընդգծած միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման համար համակարգումի ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Leave a Comment