Թրամփ. «Այժմ Իրանի Հետ Կը Բանակցինք, Եւ Անոնք Կ՛ուզեն Համաձայնութիւն Գոյացնել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ներկայիս Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններ կ՛ընթանան:

«Հարցը բանագնացներուն ձգեցէ՛ք: Իրանցիները կ՛ուզեն բանի մը հասնիլ, եւ տեսնենք, եթէ որեւէ բան ձեռք պիտի բերուի», աւելցուց Թրամփ:

«Անոնց նախապէս առիթ ընծայուեցաւ համաձայնութեան հասնելու, սակայն չյաջողեցաւ: Օրին «Կէսգիշերուան մուրճ» գործողութիւնը կատարեցինք», ըսաւ ան:

«Չեմ կարծեր, թէ կ՛ուզեն ատիկա անգամ մը եւս կրկնել, սակայն կ՛ուզեն բանակցիլ, եւ մենք ներկայիս անոնց հետ կը բանակցինք», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

 

 

 

Leave a Comment