Մերց. «Ուքրանիոյ` 1 Յունուար 2027-ին Եւրոպական Միութեան Միանալու Մասին Խօսք Իսկ Չի Կրնար Ըլլալ»

Ուքրանիոյ` 1 յունուար 2027-ին Եւրոպական Միութեան միանալու մասին խօսք իսկ չի կրնար ըլլալ: Այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց:

«Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բոլոր թեկնածուները, ներառեալ Ուքրանիան, որոնք կ՛ուզեն ապագային միանալ, պէտք է համապատասխանեն չափանիշերուն: Հոլովոյթը սովորաբար կը տեւէ քանի մը տարի: Եւրոպական Միութեան միանալը երկարատեւ հոլովոյթ է: Աստիճանական համարկումը միշտ կարելի է, սակայն նման արագ անդամակցութիւնը գործնականին մէջ պարզապէս անկարելի է», ընդգծած է Գերմանիոյ վարչապետը:

«Այժմ կան այլ առաջարկներ` Ապու Տապիի մէջ ընթացող բանակցութիւնները», նշած է Մերց:

Գերմանիոյ վարչապետը Պունտըսթակի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Օրէնքներու վրայ հիմնուած աշխարհակարգը ողջ է»:

Ան, բայց եւ այնպէս, ընդունած է, որ Ուաշինկթընի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն մէջ լուրջ խնդիրներ ծագած են:

«Հակառակ ատոր, մենք պէտք է շարունակենք Միացեալ Նահանգներու համագործակցութեան ձեռք երկարել: Ժողովրդավարական պետութիւններ հանդիսանալով` պէտք է հասկնանք, որ մենք գործընկերներ ենք, եւ ոչ թէ վերադասներ ու ենթականեր», նշած է Մերց:

Leave a Comment