Ֆիտան. «Եթէ Լոնտոնը, Փարիզը, Պերլինն Ու Անգարան Միասին Գործեն, Ստիպուած Չենք Ըլլար Դէպի Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան Կամ Ռուսիա Թեքուելու»

«Եթէ Լոնտոնը, Փարիզը, Պերլինն ու Անգարան միասին գործեն, ստիպուած չենք ըլլար դէպի Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան կամ Ռուսիա թեքուելու: Մենք կրնանք ստեղծել մեր սեփական ուժի կեդրոնը», այս մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:

Ան զգուշացուցած է, որ Եւրոպայի համար ամերիկեան «անվտանգութեան հովանոց»-ը չի կրնար մնայուն նկատուիլ:

«Ուաշինկթընէն կախեալութիւնը ռիսքեր կը պարունակէ, եւ անկախ քաղաքական ու անվտանգութեան միջուկի ձեւաւորումը Եւրոպային ու Թուրքիոյ պիտի արտօնէ համաշխարհային բեւեռացման տրամաբանութենէն դուրս գործել», ընդգծած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

 

Leave a Comment