Սիպիկա. «Ուքրանիան Եւ Ռուսիան Անջատաբար Ուաշինկթընի Հետ Պիտի Ստորագրեն 20 Կէտէ Բաղկացած Խաղաղութեան Ծրագիրը. Եւրոպական Միութեան Երկիրները Զայն Պիտի Չստորագրեն»

Ուքրանիան եւ Ռուսիան անջատաբար Միացեալ Նահանգներու հետ պիտի ստորագրեն 20 կէտերէ բաղկարած խաղաղութեան ծրագիրը. Եւրոպական Միութեան երկիրները զայն պիտի չստորագրեն: Այս մասին «Եւրոպական փրաւտա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիկա:

Ան չէ բացառած, որ պայմանները կրնան փոխուիլ, սակայն այս պահուս կը քննարկուի ինքնին այս կառուցուածքը:

«Եթէ խօսքը բացառապէս այս 20 կէտնոց շրջանակի մասին է, ապա ատիկա ներկայիս երկկողմանի փաստաթուղթ է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ուքրանիան պիտի ստորագրեն: Եւ Միացեալ Նահանգները զայն պէտք է ստորագրեն Ռուսիոյ հետ: Ասիկա այն շրջանակն է, որ ներկայիս կը քննարկուի, սակայն բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին, ատիկա հոլովոյթ է», ըսած է Սիպիկա:

Լրագրողները նշած են, որ խաղաղութեան ծրագիրի կէտերէն մէկը կը վերաբերի Ուքրանիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան: Սպիկա պատասխանած է` նշելով, որ նոյնիսկ եթէ Եւրոպական Միութիւնը փաստաթուղթը չստորագրէ, անիկա չի կրնար պարունակել որեւէ կէտ, որուն շուրջ եւրոպացի դաշնակիցներու հետ համաձայնութիւն չէ գոյացած:

Մեկնաբանելով «խաղաղութեան փաստաթուղթեր»-ու հաստատման եւրոպացի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը` նախարարը նշած է, որ Եւրոպան խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ եւ անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ համաձայնագիրներուն մէջ ներկայ է:

«Ի դէպ, կարեւոր է, որ առաջին անգամ կը խօսինք յատուկ «անվտանգութեան երաշխիքներ»-ու, եւ ոչ թէ` «երաշխիքներ»-ու կամ նմանատիպ բանի մասին», աւելցուցած է ան:

Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ Ուքրանիոյ տրամադրուող անվտանգութեան երաշխիքները պէտք է ըլլան իրաւաբանօրէն պարտադիր:

 

Leave a Comment