Թեհրան Կը Զգուշացնէ Շրջանային Հակամարտութենէ, Եթէ Միացեալ Նահանգներ Յարձակին Իրանի Վրայ

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ յարձակին Իրանի վրայ, այդ քայլը պիտի վերածուի շրջանային հակամարտութեան: Այդ մասին կիրակի օր յայտնած են պետական լրատուամիջոցները` Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութեան սրման լոյսին տակ:

Ան շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին սպառնալիքները չեն անհանգստացներ Իրանի ժողովուրդը: Ապա աւելցուցած է, որ Թեհրան չի ցանկար յարձակիլ որեւէ երկրի վրայ, բայց «Իրանի ժողովուրդը ուժեղ հարուած պիտի հասցնէ իւրաքանչիւրին, որ պիտի յարձակի իր վրայ»:

Leave a Comment