Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

Ռուսիան պատրաստ է «Թրամփի ուղի»-ին միանալու տարբերակները ուսումնասիրելու: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Ինչ կը վերաբերի «Թրամփի ուղի» նախագիծին, ինչպէս անիկա կը կոչուի, մենք կը հաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը` ուսումնասիրելու մեր միանալու հաւանական տարբերակները, ներառեալ հաշուի առնելով «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու եզակի փորձը:

«Սակայն նախ, հաւանաբար, կ՛արժէ ուշադիր ուսումնասիրել այս նախաձեռնութեան իրականացման եւ շահագործման բոլոր մանրամասնութիւնները: Ինչպէս մենք կը հասկնանք, ատոր մշակումը միայն սկզբնական փուլի մէջ է», նշած է Զախարովա:

Leave a Comment