Երեւանն Ու Պաքուն Համաձայնած Են Ազրպէյճանի Տարածքով Հեղուկ Կազի Եւ Պիթումի Երկաթուղային Փոխադրման Մասին

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն` Ազրպէյճանի տարածքով հեղուկ կազի եւ պիթումի (լեռնային ձիւթ) երկաթուղային փոխադրման մասին», այս մասին դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան:

«Մեր գործարարները արդէն կրնան օգտուիլ այդ կարելիութենէն եւս», գրած է Պապոյեան:

Օրեր առաջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանը Ազրպէյճանին ուղարկած է Հայաստանի Հանրապետութենէն Ռուսիա բեռներու տարանցման տրամադրման վերաբերեալ հարցում:

«Այսպիսով մենք տէ ֆաքթօ, միակողմանիօրէն բացած ենք միջանցքները: Ճիշդ է` բեռնափոխադրումը կ՛իրականացուի Վրաստանի տարածքով, սակայն պիտի գայ օր մը, որ հայկական բեռները պիտի անցնին ուղղակիօրէն Ազրպէյճանի տարածքով, եւ այդ օրը հեռու չէ», ըսած է ան:

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը աւելի կանուխ յայտնած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շուտով ռուսական հեղուկ կազ պիտի ներածէ երկաթուղիով` Ազրպէյճանի տարածքով:

 

 

Leave a Comment