Ուշաքով. «Թրամփի Պատուիրակներուն Հետ Փութինի Բանակցութիւնները Շինիչ Ու Չափազանց Անկեղծ Էին»

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով երէկ յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների, եւ Ամերիկեան պետական ծառայութիւններու վարչութեան դաշնակցային գնումներու ծառայութեան յանձնակատար Ճոշ Կրունպաումի հետ բանակցութիւնները «շինիչ եւ չափազանց անկեղծ էին»:

Ուշաքով ժողովէն ետք աւելցուց, որ ժողովի մասնակիցները ընդգծած են, որ երկարատեւ կարգաւորման համաձայնութիւն կարելի չէ կնքել, առանց շրջանային խնդիրի լուծման:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին նշեց. «Ուքրանական բանակի Տոնպասէն դուրս գալը չափազանց կարեւոր նախապայման է»:

 

 

 

Leave a Comment