Իրանեան ընդդիմադիր Քրտական ազատութեան կուսակցութիւնը, որուն կեդրոնատեղին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ է, երէկ Իրանը ամբաստանեց հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով իր մէկ կեդրոնին վրայ յարձակելու յանցանքով, ինչ որ պատճառած է զոհ մը եւ վիրաւորած երկու ուրիշներ:
Կուսակցութիւնը նշեց, որ յարձակումը թիրախաւորած է Էրպիլ նահանգին մէջ կուսակցութեան մէկ կեդրոնը:
Քրտական ազատութեան կուսակցութենէն աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Կը կարծենք, թէ մեր թիրախաւորման պատճառը մեր գործունէութիւնն է, մասնաւորաբար Իրանի մէջ քաղաքացիներուն վարչակազմին դէմ ցոյց կատարելու մեր կոչերը, մանաւանդ որ նաեւ մարզուած ու զինուորական գետնի վրայ կազմակերպ ուժեր ալ ունինք»: