Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց, որ քիւրտերու քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանուած են:
Սուրիոյ նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն եւ կայունութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման կարելիութիւններուն:
Շարհ ընդգծած է, որ քիւրտերուն բոլոր իրաւունքները, ներառեալ ազգային, քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանուած են:
Պարզանի իր կարգին զօրակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ կառավարութեան եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ գոյացած վերջին համաձայնութեան:
Երկու կողմերը համաձայնած են շարունակելու համակարգում եւ երկխօսութիւն կատարել` երաշխաւորելու համար շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ տարակարծութիւնները բոլորին շահերուն ծառայող ձեւով լուծելու համար: