Շուէտն Ու Նորվեկիան Մերժեցին Խաղաղութեան Խորհուրդին Մաս Կազմելու Թրամփի Հրաւէրը. Նեթանիահու Ընդունեց

Շուէտի վարչապետ Օլաֆ Քրիսթերսոն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկած ներկայ ձեւաչափով Խաղաղութեան խորհուրդին մաս պիտի չկազմենք»:

Նորվեկիոյ վարչապետարանը եւս յայտարարեց. «Կը մերժենք ընդառաջել Խաղաղութեան խորհուրդին մաս կազմելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրին»:

Նշենք, որ Թրամփ 60 պետութիւններու հրաւէր ուղղած էր մասնակցելու Խաղաղութեան խորհուրդին, որ սեպտեմբերին յայտարարուած էր իբրեւ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրին մէկ մասը, սակայն անցեալ շաբաթ յղուած հրաւէրին մէջ անոր աշխարհի մակարդակին հակամարտութիւններուն վերջ տալու աւելի ընդարձակ դերակատարութիւն ճշդուած է:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Եգիպտոս կ՛ընդունի Թրամփի հրաւէրը` նշելով, որ Գահիրէ կը գնահատէ Կազայի Թրամփի ղեկավարութիւնն ու Կազայի պատերազմին վերջ տալու նկատմամբ անոր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատէ Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութեան, խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման մէջ անոր դերը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նախանցեալ օր յայտարարեց, թէ Նեթանիահու ընդունած է Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդին մաս կազմելու Միացեալ Նահանգներու նախագահի հրաւէրը, եւ իբրեւ անդամ մաս պիտի կազմէ աշխարհի ղեկավարներէն բաղկացած խաղաղութեան խորհուրդին:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան, Եգիպտոսը, Յորդանանը, Ինտոնեզիան, Փաքիստանը եւ Քաթարը միացեալ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեցին, թէ մաս պիտի կազմեն Խաղաղութեան խորհուրդին:

 

 

Leave a Comment