ՕԹԱՆ. «Դանիան, Կրինլանտն Ու Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ Եւ Չինաստանին Կղզիին Վրայ Յենարան Ունենալը Արգիլելու Շուրջ Բանակցութիւններ Պիտի Վարեն»

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ կատարեց «չափազանց արդիւնաւէտ քննարկում» մը, որ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ Կրինլանտի մէջ «յենարան» ունենալը արգիլելու շուրջ յառաջիկայ բանակցութիւններու ճամբայ կը հարթէ:

ՕԹԱՆ-ի բանբեր Ալիսըն Հարթ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն շուրջ քննարկումները պիտի կեդրոնանան նախագահին կողմէ նշուած շրջագիծի վրայ, որուն նպատակն է ապահովել բեւեռին մէջ անվտանգութիւն դաշնակիցներու, մասնաւորաբար` եօթը բեւեռական դաշնակիցներու միացեալ ջանքերու միջոցով»:

«Դանիոյ, Կրինլանտի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին` երաշխաւորելու համար, որ Ռուսիան եւ Չինաստանը պիտի չկարենան կղզիին վրայ տնտեսական կամ զինուորական յենարան մը ստեղծել», աւելցուց ան:

Դանիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ կը փափաքին «իրենց հողերու ամբողջականութեան» յարգման ծիրին մէջ «շինիչ երկխօսութիւն» մը շարունակել:

Leave a Comment