Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Տաւոսի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի հետ:
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ եւ Քոս հանդիպումի ընթացքին քննարկած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան օրակարգի յառաջխաղացման վերաբերեալ հարցեր: Անդրադարձած են նաեւ ուժանիւթի, շրջանային փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու, ականազերծման եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան:
Մարթա Քոս նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Ազրպէյճանի ականազերծման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի մէջ երկաթուղային գիծի վերականգնման նախագիծերուն: