Ուիթքոֆ. «Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Մասնակցութիւնը Անոնց Յարաբերութիւններու Բարելաւման Պիտի Նպաստէ»

Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդին, որ ստեղծուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կողմէ, պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման եւ ներկայ լարուածութեան մեղմացման: Այս մասին «Սի.Էն.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ:

«Ես Նեթանիահուի հետ խօսեցայ: Ան գիտէ, որ խորհուրդին միանալը շատ կարեւոր է: Մենք գիտենք, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Քաթարի միջեւ որոշակի լարուածութիւն կայ: Եւ մենք կը փորձենք ապահովել այս երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը», ըսած է Ուիթքոֆ:

Leave a Comment