Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան Երաշխիքները

Ուքրանիոյ ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ռուսթեմ Ումերով յայտարարած է, թէ Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ նախագահի փեսայ Ճարետ Քուշների հետ հանդիպում մը. քննարկուած են անվտանգութեան երաշխիքները:

«Տաւոսի մէջ կ՛աշխատինք: Առանձին հանդիպում տեղի ունեցած է ամերիկացի գործընկերներու` Ճարետ Քուշների եւ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ: Հիմնական նիւթերը եղած են տնտեսական զարգացումը, պատերազմէն ետք վերականգնումը եւ անվտանգութեան երաշխիքները:

«Մենք մեր գործընկերներուն տեղեկացուցած ենք ռուսական քաղաքային ենթակառոյցներու նոր գնդակոծումներու մասին, մասնաւորաբար` Քիեւի մէջ տիրող կացութեան մասին, ուր հարուածներու պատճառով միլիոնաւոր մարդիկ մնացած են առանց լոյսի եւ ջերմութեան», «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին վրայ գրած է Ումերով:

Զուիցերիական Տաւոս քաղաքին մէջ Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ 19-23 յունուարին:

Ուիթքոֆ. «Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութեան Շուրջ
Բանակցութիւններուն Մէջ
Մեծ Յառաջընթաց Կայ Եւ Մէկ Հարց Մնացած Է»

Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն մէջ մեծ յառաջընթաց կայ եւ մնացած է մէկ հարց: Այս մասին Տաւոսի մէջ յայտարարած է Ուիթքոֆ:

«Կը կարծեմ, թէ մեզի մէկ հարց մնացած է: Մենք այս հարցը քանի մը անգամ քննարկած ենք, ինչ որ կը նշանակէ, որ անիկա կրնայ լուծուիլ, եթէ երկու կողմերն ալ պատրաստ ըլլան», նշած է ամերիկացի պատուիրակը:

Ան, սակայն, չէ յստակացուած, թէ այդ հարցը ի՛նչ է` աւելցնելով, որ լաւատես է: Ուիթքոֆ այնուհետեւ գովեստի խօսքեր ըսած է ուքրանական պատուիրակութեան մասին, շեշտած, որ Ուքրանիոյ նախագահը միշտ հասանելի է զրոյցի համար:

Ուիթքոֆ նաեւ նշած է, որ Տաւոսի մէջ ուքրանական պատուիրակութեան հետ քննարկած է Ուքրանիոյ ապագայ տնտեսական հեռանկարները, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` երկիրը առանց մաքսատուրքի առեւտուրի գօտի դարձնելու գաղափարը:

 

Leave a Comment