Անդրադառնալով Իրանի Վրայ Յարձակումի Կարելիութեան` Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են, Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի յայտնեց, որ ինք վստահ է, թէ Ռաֆահի անցակէտը պիտի բացուի, եւ Իսրայէլ մօտ օրէն այդ առնչութեամբ որոշում մը պիտի տայ:

Հաքըպի նաեւ նախատեսեց, որ Խաղաղութեան խորհուրդին միացած պետութիւնները մասնակցին Կազայի վերաշինութեան:

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, պատասխանելով Իրանի վրայ յարձակումի մը շղթայազերծման կարելիութեան շուրջ հարցումի մը, նշեց. «Բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են, եւ Թրամփ պիտի յարգէ իր խոստումը»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Մոհամետ Փաքփուր երէկ յայտարարեց. «Մեր մատը բլթակին վրայ է, եւ կը զգուշացնենք Ամերիկան ու Իսրայէլը հաշիւի որեւէ սխալ գործելէ»:

 

 

Leave a Comment