Հայաստան-Թուրքիա սահմանի «Ալիջան» սահմանային անցակէտին վրայ աշխատանքները 90 առ հարիւրով աւարտած են: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Թրքական պետական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մաքսային եւ սահմանային ընթացակարգերու համար նոր շէնքերու շինարարութիւնը լիարժէք ընթացքի մէջ է:
Անցակէտին վրայ կը տեղադրուին նաեւ գովազդային վահանակներ եւ ցուցանակներ` Հայաստանէն Իգտիր եւ յարակից շրջաններ զբօսաշրջիկներ գրաւելու համար: