Թեհրանի մէջ կը ձեւաւորուի պատկերացում մը, թէ Հայաստան կը դառնայ Իրանի դէմ թշնամաբար տրամադրուած ուժերու կեդրոն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ քանի մը լրատուամիջոցներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի:
Ան մասնաւորաբար դժգոհած է իր երկրին մէջ հակակառավարական ցոյցերու օրերուն Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանատան դէմ խումբ մը իրանցիներու բողոքի ցոյցերէն:
Ցոյցերուն մասնակիցները կը բողոքէին Իրանի մէջ ցուցարարներու սպանութեան դէմ եւ կրօնական իշխանութեան փոխարէն աշխարհիկ իշխանութիւն կը պահանջէին:
Ըստ դեսպանին, եթէ «թշնամական ուժերը յաջողին մասնատել Իրանը, Հայաստան եւս պարտուողներու շարքին պիտի ըլլայ»:
«Խումբ մը մարդոց կանաչ լոյս կը տրուի Իրանի դեսպանատան դիմաց գալու: Անոնք շատ անյարգալից եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ կ՛ունենան: Եւ ի հեճուկս մեր բողոքին` այդ հոլովոյթը կը շարունակուի», ըսած է դեսպանը` նշելով, որ իրենք բողոքած են Հայաստանի պատկան մարմիններուն, սակայն ատիկա արդիւնք չէ տուած, ցոյցերը շարունակուած են:
Շիրղոլամիի համաձայն, Իրանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցածը պիտի մնայ Իրանի ժողովուրդի պատմական յիշողութեան մէջ, որովհետեւ «Իրան ամէնէն դժուար ժամանակներուն մէջ կանգնած է Հայաստանի պետութեան եւ ժողովուրդի կողքին»: