ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց ֆութպոլի խումբը երէկ Սաֆայի դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պեքայի Ղատ Աֆտալ խումբէն, Գ. դասակարգի իր 5-րդ մրցումին:
Առաջին կիսախաղը ճերմակ հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնի յետսապահ Ապպաս Մրէյշ փենալթի մը «նուիրեց» մրցակից խումբին, եւ Իպրահիմ Պու Համտան այդ փենալթին կոլի վերածեց 57-րդ վայրկեանին: 75-րդ վայրկեանին Ապպասի մէկ սխալէն եւս օգտուեցաւ Ղատ Աֆտալ, ուր Համետ Ֆարհաթ նշանակեց 2-րդ կոլը:
Հազիւ քանի մը վայրկեան, եւ գնդակը հասաւ Ուասիմ Ապտել Հատիի, որ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը: Այս կոլէն ետք, ՀՄԸՄ ամբողջ խումբով յարձակեցաւ ձեռք ձգելու հաւասարութեան կոլը, բայց… 87-րդ վայրկեանին հակայարձակումով մը Ալի Իպրահիմ նշանակեց մրցակից խումբին 3-րդ կոլը:
Մրցումի վերջին վայրկեանին Ուասիմ կոլ մը եւս աւելցուց (փենալթիով), բայց այսուամենայնիւ այդ կոլը բաւարար չէր որեւէ կէտ ձեռք ձգելու:
Այս մրցումէն կը բացակայէր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տինամօ միջնապահ Յակոբ Նաճարեան, որուն մկանը վիրաւորուած էր:
Յոյսով, որ այսօրուան եւ վաղուան մրցումները հաւասարութեամբ կ՛աւարտին` մրցակից խումբերուն մօտ մնալու համար:
Յաջորդ ճակատումին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ահլի Սայտայի դէմ: