ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Վանայ ձայն»-ի 2025 թուականի աւարտին առիթով յատուկ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով անցնող տարուան ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն, յայտնեց. «Այսօր փաստօրէն Իսրայէլ միահեծան կերպով եւ առանց որեւէ արգելքի կը շարունակէ իր օրակարգերը կիրարկել, Կազայի շրջանը ամբողջութեամբ քանդուած է, երկու պետութիւն գաղափարի իրագործումը ոչ միայն մօտալուտ չէ, այլ գրեթէ ոչնչացած է, որովհետեւ կարելի չէ երկու պետութիւն ստեղծել, երբ անոնցմէ մէկը քարուքանդ է, եւ անոր ժողովուրդը հեռացած իր հողամասէն: Բնականաբար Իսրայէլի ղեկավարները կ՛ըսեն, թէ այդ ծրագիրը մեզի համար փակուած է, ուստի եւ կ՛առաջադրեն նոր ծրագիրներ` Սուրիոյ մասնատման եւ Լիբանանի բռնագրաւման, հասնելով մինչեւ Իրաք:
«Բնականաբար Իսրայէլի ծրագիրները միայն Միջին Արեւելքի համար չեն, այլ նաեւ կը ներառեն Կովկասը: Ան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ կը գործակցի, որքան ալ Թուրքիան կը փորձէ այդ իրողութիւնը ուրանալ»:
Պատասխանելով «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի «Նոր Լիբանան»-ի ծնունդին մասին հարցումին` Բագրատունի նշեց. «Նախագահական աթոռի երկարատեւ թափուր մնալէն ետք, Լիբանանի խորհրդարանը 9 յունուարին նախագահ ընտրեց բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն նաեւ զօրակցեցան ՀՅԴ-ն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որմէ ետք վարչապետ նշանակուեցաւ Նաուաֆ Սալամը, որուն զօրակցեցանք նաեւ մենք, եւ կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն, որ այնպէս կազմուեցաւ, որ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէ հեռու ըլլայ»:
«Այո՛ մենք այսօր կանգնած ենք կերտումին առջեւ նոր Լիբանանի, որ սակայն պէտք է հիմնուի Լիբանանի բաղկացուցիչ համայնքներու եւ քաղաքական ուժերու ներկայ կացութեան վրայ», ըսաւ ան:
«Համբերող ու յոյսով պէտք է ըլլանք, որ որոշ դրական բարեփոխումներ կրնան կատարուիլ զէնքի լեզուի կիրարկումէն հեռու, եւ ասիկա շատ կարեւոր է: Եթէ երբեք մենք միշտ ըսած ենք, որ Լիբանանի մէջ հարցերը երկխօսութեամբ պէտք է լուծել, տակաւին այդ մէկը կը պնդենք», նշեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը:
Անդրադառնալով Հայաստանի կացութեան` Բագրատունի յայտնեց. «Խոստացուած խաղաղութիւնը, անհեռանկար խաղաղութիւնը եթէ 115 տարի առաջ ընդունէինք, փաստօրէն ցեղասպանութիւնը կրնար կատարուած չըլլալ, իսկ մենք թրքացած կ՛ըլլայինք: Ոչ ոք դէմ է խաղաղութեան, ոչ ոք կը փափաքի արիւնահոսութիւն տեսնել կամ իր եղբայրը, հայրը, զաւակը պատերազմի դաշտ ղրկել նահատակուելու համար: Նահատակութիւնը զբաղում չէ, նահատակութիւնը ձգտում չէ: Նահատակութիւնը ինքնապաշտպանութիւն է, ինքնութեան ու լինելիութեան պաշտպանութիւն է, երբ վտանգը կը սպառնայ: Ինքնապաշտպանութիւն չկատարելը ինքնին պարտութիւն է:
«Այսօր Հայաստանի իշխող խումբը խաղաղութեան օրակարգը հրապարակ կը նետէ պարզապէս իր ձախողութիւնները քողարկելու համար», նշեց Բագրատունի:
«Այսօրուան իրականութիւնը, թերեւս ցեղասպանութենէն ետք, մեր ամէնէն դժբախտ ու վտանգալից ժամանակաշրջանն է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ կայ իշխանութիւն մը, որ ենթակայ է թրքական ու ազրպէյճանական որոշումներու», ըսաւ ան:
«Այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, բնականոնացում չէ, այլ պարտադրուած ընդունում Հայաստանի այլասերման, որ կը կատարուի նաեւ դէպի թրքացում առաջնորդելով: Այսպէս մնալը անձնասպանութիւն է», շեշտեց Բագրատունի:
Անդրադառնալով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծուած արշաւին` ան ըսաւ. «ՀՅԴ-ի համար, ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր, եկեղեցին եղած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման հիմնական պաշտպանը, պետութիւն եղած է պետութեան բացակայութեան, մշակոյթ եղած է մշակութային կառոյցներու բացակայութեան: Մեր ազգի պահպանումի ողնայարը եղած է: Ուստի ինչպէ՞ս կարելի է մտածել, որ այսօր մենք կրնանք վայրկեան մը իսկ տատամսիլ եկեղեցւոյ պաշտպան չկանգնելու: Խնդիրը Էջմիածինի աթոռը, Կիլիկիոյ աթոռը, Երուսաղէմի կամ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը չէ, այլ` ազգային մեր արժէքային համակարգն է»:
«Մեզի համար Էջմիածինը կը ներկայացնէ հայ եկեղեցին, այնքան ինչքան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ հայ եկեղեցին: Մեզի համար Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Արամ Ա. կաթողիկոսը հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներն են, որոնց նկատմամբ որեւէ հարուած, որեւէ հալածանք մերժելի է, եւ պարտաւոր ենք զանոնք պաշտպանել մեր կուրծքով` հայութեան լինելիութեան եւ հայկական եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար», ընդգծեց Բագրատունի: