Օճալան Անգարային Կոչ Կ՛ուղղէ` Դամասկոսի Եւ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Միջեւ Համաձայնութեան Գոյացումը Դիւրացնելու

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար, 26 տարիէ ի վեր բանտարկուած Ապտալլա Օճալան Անգարային կոչ ուղղեց` Դամասկոսի եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու միջեւ համաձայնութեան գոյացումը դիւրացնելու: Ան այս մասին երեքշաբթի օր յայտնեց նամակի մը մէջ, որ փոխանցուեցաւ թրքական քրտամէտ Ժողովուրդներու հաւասարութիւն ու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան:

30 դեկտեմբեր թուակիր նամակին մէջ Օճալան կ՛ըսէ. «Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան դիւրացնող  եւ շինիչ դեր մը խաղայ, եւ այս հոլովոյթին մէջ երկխօսութեան վրայ կեդրոնանայ: Ասիկա շրջանային խաղաղութեան եւ անոր ներքին անվտանգութեան ամրապնդման համար չափազանց կարեւոր հարց է»:

Leave a Comment