Ժամերու տարբերութեամբ կը փակենք մեր ժողովուրդի վերջին տասնամեակի ամենադժխեմ տարիներէն մէկը` դիմաւորելու համար վտանգաւոր անակնկալներով լեցուն տարի մը:
Բնական է, որ Նոր տարին առհասարակ ուրախութեան եւ լաւ օրերու ակնկալութեան ու յոյսի մաղթանքներով սկսի:
Բնական է անտարակոյս առհասարակ անհատական եւ ընտանեկան մակարդակներու վրայ:
Որքա՜ն պիտի ուզէինք նաեւ նման ակնկալութեամբ դիմաւորել 2026 տարին համազգային մակարդակի վրայ` Հայաստան հայրենիքի եւ Հայաստանով տագնապող ու ազգային ապրումներով սնանող սփիւռքահայութեան համար:
Մեր ողջ ժողովուրդին լինելիութեան սպառնացող եւ տարիներու կուտակում եղող շարունակուող ապազգայնացման թունաւորումը չէ դադրած տակաւին:
Յանձնուած է Արցախը, անիկա «ճանչցուած» է, իբրեւ Ազրպէյճանի հողային տարածք:
Տեղահանուած կը մնայ Արցախի հայութիւնը, եւ անոր կեցութիւնը Հայաստանի մէջ ենթակայ է կամայական ու կասկածելի վերաբերումի, Պաքուի բանտերուն մէջ կալանաւորուած կը մնան Արցախի համար իրենց ամէնէն թանկարժէքը տուած ազատատենչ հերոսներ:
Ազրպէյճանական ուժեր գրաւած կը պահեն հայաստանեան հողամասեր եւ Թուրքիոյ հետ միասնաբար ամէնօրեայ սպառնալիքներով նոր «յաղթանակներ» կը պահանջեն արձանագրել:
Այսպէս ըսուած, ժողովրդավարական ընտրութիւններով, փտածութեան դէմ պայքարի կարգախօսով բեմերը գրաւած իշխանաւորները հարուածեցին ու կը շարունակեն հարուածել մեր ժողովուրդի գոյատեւումը ապահոված համազգային ամէն արժէք:
Եկեղեցին, Արարատը, ազգային խորհրդանիշները, համահայկական միաւորումը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, սփիւռքի կապուածութիւնը Արցախին ու Հայաստանին, Հայոց պատմութիւնը հետեւողական, ծրագրուած ու մնայուն այլանդակ խօսոյթով բռնահարուածի տակ են` ի խնդիր «իրապաշտ» խաղաղութեան, տնտեսական (անհեռանկար) բարելաւումի, հանգիստ ու բարօր կեանքի եւ անշո՛ւշտ բարի դրացնութեան:
Այո՛, արդար է Նոր տարին դիմաւորել ուրախ սեղաններու շուրջ, խրախճանքներով, սքանչելի կենացներով եւ լաւին, բարիին, գեղեցիկին, առողջութեան, պայծառ ու անվտանգ օրերու բարեմաղթութիւններով: Վերջին հաշուով, այս նաեւ մաս կը կազմէ մեր ազգային աւանդութիւններուն եւ կը նպաստէ հայկականութեան պահպանման:
Հայ մարդը իր անհատէն անդին` հաւաքական, ազգային ցաւերով ապրող, տառապող եւ արարող է:
Ու իբրեւ այդպիսին` ան նաեւ 2026-ը կը դիմաւորէ աշխարհասփիւռ հայութեան անմիջական եւ հեռաւոր ապագային համար արդար մաղթանքներ կատարելու եւ ակնկալութիւններ ունենալու գիտակցութեամբ:
Հայաստանի եւ հայութեան լինելիութիւնը ապահովելու պայքարը համազգային հաւաքական ձգտում է եւ պահա՛նջ միաժամանակ:
Մեր ազգային արժէքներն ու պատմական ժառանգը պահպանելը համահայկական պահանջ է անտարակոյս:
Հայ եկեղեցին իր բոլոր նուիրապետական աթոռներով ամուր, անխոցելի ու անկախ տեսնելն ու պահելը համայն հայութեան համար անզիջելի սկզբունքէն անդին` ոչ մէկ այլընտրանք կ՛ընդունի:
Արցախի բռնահանուած մեր հայրենակիցները իրենց հայրենական հողը վերադառնալու եւ ինքնորոշման իրաւունքով իրենց ճակատագիրը որոշելու պահանջը անվիճելի է, եւ` ոչ մէկ սակարկութեան առարկայ:
Սփիւռքը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնն ու կամքը համասփիւռքեան պահանջ է` ի շահ ամբողջական Հայաստանին եւ համայն հայութեան:
2026 տարին պարտինք դիմաւորել ի մտի ունենալով այս ու նման իրականութիւններ` թէ՛ համահայկական ճակատի վրայ, եւ թէ՛ սփիւռքեան գաղութներու ներքին տագնապներու նկատառումով:
Որպէսզի 2026-ը չնմանի 2025-ին, այսօր անհրաժեշտ է մեր սեփական բարօրութեան մաղթանքներուն միացնել հաւաքական համահայկական վերականգնումի ձգտող մաղթանքները:
Դադրեցնել զիջումնային քաղաքականութեան, յանձնուողական տրամադրութեան եւ պարտադրուած ենթարկուածութեան մտածելակերպն ու ընթացքը:
Հիասթափութեան, անտարբերութեան եւ անգործութեան փոխարէն` ընտրենք դիմադրողականութեան զօրացման եւ համայն հայութեան լինելիութեան սպառնացող վտանգներուն դէմ ծառանալու համազգային դիմադրութիւնը: Ազգը ա՛զգ պահելու դիմադրութիւնը:
Ժամանակին հետ քայլ պահելու, աշխարհի փոփոխութիւններուն հետ մենք զմեզ հաշտեցնելու դիւրին եւ դիւրահաճոյ ընթացքը ընդունելով, չդադրինք պահել մե՛րը` հայկականը, ազգայինը: Ազգայնամոլութիւնը մերժելով` պահենք եւ ուժեղացնենք ազգային արմատականութիւնը, արմատները զօրացնելու, արմատներով աճելու եւ արմատներուն վերադառնալու ազգափրկիչ պայքարը:
Ժամանակները արագասոյր կը թաւալին: Մենք ժամանակ չունինք կորսնցնելու:
Ազգովին վտանգուած ենք:
Ազգովին պարտինք դիմադրել:
2026-ը անզիջող պայքարի, համազգային դիմադրութեան, արմատներուն վերադառնալու համահայկական զօրաշարժի տարուան պէտք է վերածենք անպայման:
Լինելիութեան պայքարը կիսամիջոցներ եւ քաղցր ժպիտներ չ՛ընդունիր:
Հաւաքական վճռակամութիւն, համահայկական վերընձիւղում կը պահանջէ 2026-ը:
Մերը հաւատքի եւ յաղթանակի մաղթանք է:
Գոյատեւման եւ անտեղիտալի պայքարի մաղթանք է:
Հայը հայ, Հայաստանը ամբողջ հայութեան հայրենիքը պահելու մաղթանքն է:
Շնորհաւո՛ր Նոր տարի:
Համահայկական յաղթանակ բերող Նոր տարի:
