Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆլորիտայի Մարալակօ շրջանին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումէն ետք, միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տանի Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ Նեթանիահուի միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ Սուրիոյ հարցով փոխադարձ հասկացողութիւն գոյութիւն ունի:
Ան դարձեալ իր համակրանքը արտայայտեց Շարհին` ըսելով. «Կը յարգեմ նախագահ Շարհը, ան հզօր անձնաւորութիւն մըն է, որուն Սուրիան ներկայիս կարիք ունի, եւ անոր հետ մեր յարաբերութիւնը լաւ է»:
Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ Նեթանիահուի հետ ժողովի ընթացքին հասած է շարք մը եզրակացութիւններու` աւելցնելով, որ Իսրայէլի վարչապետին հետ շատ աշխատանք տարած է, եւ այդ աշխատանքը պիտի շարունակուի:
Թրամփ խօսքը Նեթանիահուին ուղղելով ըսաւ. «Միշտ հետդ պիտի ըլլանք եւ կողքիդ պիտի կանգնինք»: Ան միեւնոյն ժամանակ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման նկատմամբ նախանձախնդրութիւն յայտնեց:
Անդրադառնալով պաղեստինեան հարցին` Միացեալ Նահանգներու նախագահը շեշտեց, որ Համաս շարժումը սուղ գին պիտի վճարէ, եթէ իր զէնքէն չհրաժարի` աւելցնելով, որ այդ մէկը կատարելու համար շարժումին դիմաց կարճ ժամանակ գոյութիւն ունի:
Անոր համաձայն, Համասի իր զէնքէն հրաժարելու խոստումին հիմամբ Կազայի համաձայնութիւնը ստորագրած կարգ մը երկիրներն են, որոնք Համասի զէնքը պիտի ոչնչացնեն, եթէ պաղեստինեան շարժումը անկէ չհրաժարի:
Թրամփի կարծիքով, Կազայի բնակչութեան կէսը պիտի հեռանայ, եթէ իրեն առիթ ընծայուի:
Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ Կազայի համաձայնութիւնը յարգեց, եւ ինք «հարցերու մեծամասնութեան» շուրջ համաձայն է Նեթանիահուի հետ, իսկ Այսրյորդանանի մէջ բնակեցուածներու կողմէ գործուող բռնարարքներուն վերաբերեալ անոնց համաձայնութիւնը 100 առ հարիւր չէ:
Ինչ կը վերաբերի Իրանին, Թրամփ յայտարարեց, որ իր երկիրը բանակցութեան նկատմամբ դրական տրամադրուած է, սակայն սպառնաց ոչնչացնել որեւէ նոր սպառնալիք, եթէ Իրան վերսկսի իր հիւլէական կարողութիւնները վերականգնել:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ ընդգծեց. «Հըզպալլան վատ կերպով կը վարուի. տեսնենք, թէ զայն զինաթափելու Լիբանանի ջանքերը ինչի՛ պիտի յանգին»:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Նեթանիահուի միջեւ յարաբերութեան` Թրամփ ըսաւ, որ անոնց միջեւ խնդիր պիտի չըլլայ, եւ ինք անոնց կը զօրակցի` աւելցնելով, որ Էրտողան մեծ գովասանքի արժանի է` «Իսրայէլին Սուրիոյ մէջ իր դէմ գործող վարչակարգէն ձերբազատուելու օգնելուն համար»:
Թրամփ նշեց, որ իր վարչակազմը կ՛ուսումնասիրէ Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներ ծախելու հարցը:
Իսրայէլի վարչապետը իր կարգին պնդեց, թէ կ՛ուզէ Սուրիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները պաշտպանել:
«Մեր շահը կը պահանջէ, որ Սուրիոյ կից մեր սահմանները ահաբեկչութենէ զուրկ ըլլան, եւ մեր տիւրզի եղբայրներուն պաշտպանութիւնը ապահովենք», յայտարարեց Նեթանիահու:
«Սի.Էն.Էն.» նշեց, որ Թրամփ ժողովի սկիզբը լրագրողներուն յայտնած է, թէ կը ծրագրէ Նեթանիահուի հետ «հինգ մեծ նիւթերու» շուրջ խօսիլ, իսկ հետագային նշեց, որ ժողովի առաջին հինգ վայրկեանի ընթացքին անոնցմէ երեքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած է:
Լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, թէ Թրամփն ու անոր խորհրդականները Նեթանիահուէն պահանջած են «Այսրյորդանանի մէջ Իսրայէլի քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարել, որովհետեւ ամերիկեան վարչակազմի կարծիքով` Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքներու որեւէ մագլցում կրնայ Կազայի մէջ խաղաղութեան համաձայնութեան գործադրութեան ջանքերը ականահարել»:
Ամերիկեան կայքը կը նշէ, թէ Նեթանիահու համաձայն գտնուած է Կազայի համաձայնութեան երկրորդ փուլին անցնելու, հակառակ զայն գործադրելու մեքանիզմին շուրջ Թրամփի աշխատանքային խումբին հետ տարակարծութիւններու գոյութեան:
Նեթանիահու նաեւ համաձայն գտնուած է հաւանական ապահովական համաձայնութեան մը շուրջ սուրիական կառավարութեան հետ բանակցութիւնները շարունակելու:
Շամխանի Կը Հակադարձէ Թրամփին
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդատու Ալի Շամխանի, հակադարձելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին, յայտնեց, որ իրանեան պաշտպանութեան մէջ սպառնալիքներու գործադրութեան փուլ հասնելնէն առաջ իսկ կարգ մը հակադարձութիւններ կը ճշդուին:
Շամխանի ընդգծեց, որ իրանեան հրթիռային ու պաշտպանական ուժը կարելի չէ զսպել եւ յայտարարուելու կարիք չունի:
Ան շեշտեց, որ որեւէ յարձակում անմիջապէս, զայն ծրագրողներու սպասումներէն դուրս, բուռն հակադարձութեան պիտի արժանանայ: